Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՏԷ-ն, չորեքշաբթի, 1 յունուարին, հրապարակեց 2020 տարուան առաջին դասաւորումը:
Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ իր տրամադրութեան տակ ունի 2773 կէտ, կը գրաւէ 6-րդ դիրքը:
Առաջին դիրքին վրայ է աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն (2872), անոր ետին` ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանա (2822), իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Չինաստանի ներկայացուցիչ Տինկ Լիրեն (2805):
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն լաւագոյն հարիւրին մէջ են նաեւ` Գաբրիէլ Սարգսեան (44-րդ) եւ Հրանդ Մելքումեան (76-րդ):