Լիբանանի ֆութպոլի գործող ախոյեան եւ Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսակիր Ահտ յայտնեց, որ միայն մէկ օտարականով (Իսսա Եաաքուպօ) պիտի չբաւարարուի, երբ սկսին Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ճակատումները:
Ահտ նաեւ յայտարարեց, որ խումբին պիտի միանան նոր օտարականներ:
Ահտ իր կազմին մէջ չուզեց պահել միւս երկու օտարականները` թունուզցի Ահմետ Աքքայշին եւ սուրիացի Ահմետ Սալահը: