Ճափոնի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, Վիսել Քոպէ դարձաւ տիտղոսակիր` 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Քաշիմա Անթլերսի դէմ:
Այսպիսով, 1966-ին հիմնուած Վիսել Քոպէ առաջին անգամ ըլլալով կը հանդիսանայ այս մրցաշարքի տիտղոսակիր:
Յաղթական խումբը այս տիտղոսին տիրացաւ իր կազմին մէջ ունենալով Անտրես Ինիեսթան, Տաւիտ Վիյան, Լուքաս Փոտոլսքին եւ Թոմաս Վերմալէէնը: