Շուէտական մամուլը կը հաղորդէ, որ Շուէտի Մալմօ քաղաքին մէջ տապալած են Զլաթան Իպրահիմովիչի արձանը:
Նախորդ շաբաթավերջին 38 տարեկան ֆութպոլիստը վերադարձաւ իր նախկին ակումբը` Ա. Սէ. Միլան, եւ անոր հետ ստորագրեց կէս տարուան պայմանագրութիւն մը:
Իպրահիմովիչ նախորդ նոյեմբերին դարձած էր շուէտական Համըպի ֆութպոլի ակումբին համասեփականատէրը:
Նշուեցաւ, որ Մալմոյի համակիրները Իպրահիմովիչի այդ քայլը նկատած են դաւաճանութիւն:



