Արցախի ֆութպոլի ախոյեանութեան 34-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումին միայն յստակացաւ ախոյեան խումբին անունը:
Ասկերան, 7-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Գանձասարի դէմ, հռչակուեցաւ Արցախի ախոյեան:
Այս մրցումին աւարտէն ետք, ախոյեան խումբը ստացաւ իր տիտղոսը, յայտնեց մրցաշարքին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց ախոյեանութեան տիտղոսին տիրանալու համար մեծ պայքար մղած Երազանք խումբը: