Հայկական Ֆութպոլ. Գանձասար – Կապան Վերադարձաւ Արձակուրդէն Եւ Կը Պատրաստուի Մեկնիլ Սպանիա
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Գանձասար - Կապանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ խումբին ֆութպոլիստները իրենց արձակուրդէն վերադառնալով այժմ սկսած են իրենց փորձերուն: 15-23 յունուարին Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ խումբը պիտի կատարէ ուսումնամարզական հաւաք, որմէ ետք պիտի կատարէ բարեկամական մրցումներ: Իսկ 8 փետրուարին խումբը պիտի մեկնի Սպանիա` այլ ուսումնամարզական հաւաքի մը համար:


