Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող ֆրանսացի միջնապահ Փոլ Փոկպա նախանցեալ օր ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան:
«Տը Թելեկրաֆ» յայտնեց, որ 26 տարեկան ֆութպոլիստը ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան, որովհետեւ ատոր չենթարկուելու պարագային, ան շատ հաւանաբար բացակայէր Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտականներէն:
Ֆութպոլի դաշտերէն երեք ամիս բացակայելէ ետք, ան թէեւ նախորդ դեկտեմբերի սկիզբը վերադարձած էր, սակայն ի յայտ եկած էր, որ ան մէկ ամիս չի կրնար դաշտ ներկայանալ:
Հետեւաբար բժիշկները յայտնեցին, որ վիրաբուժութեան ենթարկուիլը լաւագոյն լուծումն է:



