Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Գանձասար – Կապանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ խումբին ֆութպոլիստները իրենց արձակուրդէն վերադառնալով այժմ սկսած են իրենց փորձերուն:
15-23 յունուարին Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ խումբը պիտի կատարէ ուսումնամարզական հաւաք, որմէ ետք պիտի կատարէ բարեկամական մրցումներ:
Իսկ 8 փետրուարին խումբը պիտի մեկնի Սպանիա` այլ ուսումնամարզական հաւաքի մը համար: