Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ կազմակերպութեան նորընտիր նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան «շնորհաւորութիւններ ստացած է «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Ալեքսանտր Զեֆերինէն:
Զեֆերինի մաղթեց, որ նոր նախագահը, յաջողի իր առաքելութեան մէջ, եւ անոր հետ հայկական ֆութպոլը յառաջխաղացք արձանագրէ իր կատարելիք մրցումներուն ընթացքին:
Մելիքբէկեան շնորհաւորանքներ ստացաւ նաեւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի անդամ շարք մը ֆետերասիոններու նախագահներէն: