Աստրալիոյ մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Էյ. Թի. Փի.-Քափ»-ի խմբային մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն, Ռուսիա 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Արժանթինի դէմ:
Ռուսիոյ այս յաղթանակը կերտեցին Կարէն Խաչանով եւ Տանիիլ Մետվետեւ:
Այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ առաջին անգամ ըլլալով:
Կիսաւարտականին Ռուսիոյ մրցակիցը պիտի ըլլայ Սերպիա – Քանատա մրցումին յաղթականը:
Կիսաւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ Աւստրալիա:
Անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ Սպանիա – Պելճիքա մրցումին յաղթականը:
Մրցաշարքը կ՛աւարտի 12 յունուարին: