«Սիես ֆութպոլ օպզըրվէյթըր» մարզական գործակալութիւնը ներկայացուց աշխարհի ամէնէն սուղ ֆութպոլիստներուն ցանկը:
Փոխանցման ամէնէն բարձր արժէքը ունի Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քիլիան Մպափէ (265,2 միլիոն եւրօ):
Քաթալոնական Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի կը գտնուի 8-րդ դիրքին վրայ (125,5 միլիոն եւրօ), մինչ Եուվենթուսին մաս կազմող փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի արժէքը կը կազմէ 80,3 միլիոն եւրօ, եւ ան կը գտնուի 49-րդ դիրքին վրայ:
2-րդ դիրքին վրայ է Ռահիմ Սթերլինկ (Մանչեսթըր Սիթի, 223,7 միլիոն եւրօ), իսկ 3-րդ դիրքին վրայ Մոհամետ Սալահ (Լիվըրփուլ, 175,1 միլիոն եւրօ):



