Լիբանանեան մարզական լրատուամիջոցներուն համաձայն, Ահտին մաս կազմող լիբանանցի ֆութպոլիստ Մոհամետ Հայտար շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Չեխիոյ մէջ:
Նշուեցաւ, որ նախորդ տարուան աւարտէն եւ տօնական օրերէն առաջ, ան առաջարկ մը ստացած է չեխական ակումբէ մը, որ կը գրաւէ դասաւորման միջին դիրքերէն մէկը եւ որ կը փորձէ ձեռք ձգել Հայտարը, որ մաս կը կազմէ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին:
Եթէ անոր այս փոխանցումը իրականանայ, ան պիտի դառնայ լիբանանցի առաջին ֆութպոլիստը, որ ելոյթ պիտի ունենայ Չեխիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ: