Հայաստանի փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւան երէկ` չորեքշաբթի, 8 յունուարին, սկսաւ իր փորձերուն` պատրաստուելու համար Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան յառաջիկայ մրցումներուն:
Փիւնիկի համար այս փորձը առաջինն էր ակումբին նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Ռոման Պերեզովսքիի գլխաւորութեամբ:
Պերեզովսքիի նշանակման լուրը երէկ հաստատեց Փիւնիկ` փորձերէն առաջ:
Ան իրեն օգնական ունի Սերկէյ Չիքիշեւը: