Նախանցեալ օր Լիբանանի դահուկարշաւի մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Աւստրիա` տասը օրուան բանակումի մը մասնակցելու համար:
Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Աւստրիոյ ակադեմիային ընդհանուր տնօրէնը` Հերպըրթ Մանտել, պիտի հսկէ լիբանանցի մարզիկներու փորձերուն:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ֆետի Շերֆան: Անոր կ՛ընկերակցի պատասխանատու Շարպել Նաժժար, իսկ մարզիկներն են` Էթիան Նաժժար, Ռիատ Թաննուս, Ժան Քէյրուզ, Անթոնի Մրատ, Շարպել Ֆախրի, Միշել Սըքքար, Քրիսթոֆ Թոք, Մարիա Խալիլ, Ռայըն Աքիքի, Ճէյսըն Խալիլ, Վալենթինա Միմա, Քրիսթոֆըր Սալամէ եւ Ժատ Սալամէ: