«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն ծիրին մէջ, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրընկալեց Նիւ Եորք Նիքսը, արձանագրեց տարեշրջանի իր 30-րդ յաղթանակը` 117-87 արդիւնքով:
Յաղթական կազմէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 31 կէտ:
Թէեւ Տեւին Պուքըր նշանակեց 34 կէտ, սակայն անոր կազմը` Ֆէոնիքս Սանզ, պարտուեցաւ իր հիւրէն` Սաքրամենթօ Քինկզէն, 114-103 արդիւնքով:
Քլիվլենտ Քաւալիրզ երկու կէտի տարբերութեամբ` 115-113 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Տիթրոյիթ Փիսթընզէն: Յաղթական կազմէն Տերիք Ռոզ նշանակեց 24 կէտ: