Լիբանանեան Ահտ խումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբի բերդապահ` Մըհտի Խալիլ կէս տարեշրջանի համար փոխ տրուեցաւ իրանեան Զոպահան խումբին:
Ան պաշտօնապէս ստորագրեց ակումբին տոմարներուն վրայ` ներկայութեամբ անոր նախագահին:
Խալիլ մաս կը կազմէ նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին:
Այլ գետնի վրայ, Անսարի մարզիչ Նիզար Մահրուս հաւանաբար հեռանայ խումբէն` նկատի ունենալով, որ ակումբին համակիրներուն կողմէ դժգոհութեան արտայայտութիւններ ստացաւ Շապապ Սահելէն իր կազմին կրած պարտութենէն ետք (բարեկամական, 3-1):