Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնա պատրաստ է ծախելու խումբին մաս կազմող ֆրանսացի յետսապահ Սամուէլ Ումթիթին, կը յայտնէ «Մեթրօ» կայքը:
Նշուեցաւ, որ լոնտոնեան Արսենալը եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ մօտէն հետաքրքրուած են 26 տարեկան ֆութպոլիստով:
Թէեւ նախապէս Ումթիթի յայտարարած էր, որ կը փափաքէր ֆութպոլիստի իր ասպարէզը աւարտել Պարսելոնայի հետ, սակայն նկատի ունենալով, որ ընդհանրապէս մրցումներու չի մասնակցիր եւ նկատի կ՛առնուի իբրեւ պահեստի մարզիկ, այժմ այլ կարծիք ունի:
Անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի յունիս 2023-ին: Պարսելոնա անոր փոխանցման համար կը պահանջէ 20 միլիոն եւրօ: