Ա. Էս. Ռոմայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան դարձեալ վնասուածք ստացաւ, յայտնեց իտալական «Քորիերէ Տելլօ Սփորթ» մարզական օրաթերթը:
Մխիթարեան, որ վիրաւորուեցաւ Թորինիոյ դէմ տեղի ունեցած «Քալչիօ»-ի մրցումին, թէեւ երէկ քննութիւններու ենթարկուեցաւ, սակայն անոր ապաքինման ժամկէտին մասին ոչինչ յայտարարուեցաւ: