Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Շալքէի բերդապահ Ալեքսանտր Նիւպելի հետ:
23 տարեկան բերդապահը 1 յուլիսին ազատ մարզիկի կարգավիճակով պիտի միանայ Գերմանիոյ ախոյեանին:
Ըստ գերմանական մամուլին Նիւպել պիտի ըլլայ Պայէրնի 33 տարեկան բերդապահ Մանուէլ Նէօյըրը փոխարինողը:
Գերմանացի բերդապահ Նիւպել 2015-էն ի վեր մաս կը կազմէ Շալքէին: