Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Ա. Եւ Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւններուն Եւ Բաժակի Մրցաշարքին Բոլոր Մրցումները Չեղեալ Նկատուեցան

January 11, 2020
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 9 յունուարին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր կեդրոնատեղիին մէջ (Վերտան) գումարեց 2020 տարուան իր երկրորդ նիստը` ներկայութեամբ իր անդամներուն մեծամասնութեան:

Ժողովականները նախ շնորհաւորեցին Լիբանանի 18 տարեկանէն վար աղջկանց ազգային խումբը, որ հանդիսացաւ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեան:

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. եւ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանի, ինչպէս նաեւ բաժակի մրցաշարքի բոլոր մրցումներուն արդիւնքները չեղեալ նկատուեցան:

Չեղեալ նկատուեցան նաեւ բոլորին ստացած կախակայումներն ու տուգանքները` նկատի ունենալով, որ բացառաբար այս տարեշրջանին նոր օրէնքներ պիտի կիրարկուին` երկրին մէջ տիրող անկայուն կացութեան պատճառով:

Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Ա. Բ. եւ Գ. դասակարգերու ախոյեանութիւններուն մասնակցիլ ուզող ակումբները մինչեւ 15 յունուար պայմանաժամ ունին ֆետերասիոնը տեղեակ պահելու այս գծով, որովհետեւ անոնց թիւին հիմամբ պիտի հրապարակուի նոր ախոյեանութեան յայտագիրը:

Այս տարեշրջանին որեւէ խումբ աւելի վար դասակարգ պիտի չփոխադրուի, այլ` խումբերը միայն աւելի վերին դասակարգ պիտի բարձրանան:

Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ Ա. եւ Բ. դասակարգերու ախոյեանութիւնները պիտի կատարուին առանց օտարականներու:

Նոր օրէնքներ պիտի կիրարկուին նաեւ աղջկանց ֆութպոլի եւ տղոց կրտսերներու ախոյեանութիւններուն գծով:

Ֆետերասիոնը իրեն անդամակցած բոլոր ակումբները տեղեակ պահեց, որ 2 փետրուարէն սկսեալ տեղի պիտի ունենան մարզիչներու եւ ֆութպոլիստներու տարբեր տեսակի դասընթացքներ` Լիբանանի տարբեր նահանգներուն մէջ: Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն մասնակցիլ այդ դասընթացքներուն, պէտք է կապ հաստատեն ֆետերասիոնին քարտուղարութեան հետ` անհրաժեշտ թղթածրարները ամբողջացնելու, անդամակցութեան սակը վճարելու եւ ընտրելու համար իրենց դասընթացքին տեսակը:

Նախորդը

«Փրեմիեր Լիկ». Թոթենհամ Պիտի Յաջողի՞ Յաղթել Լիվըրփուլին

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.