23 յունուարէն 1 փետրուար տեղի պիտի ունենայ Տուպայի պասքեթպոլի 31-րդ միջազգային մրցաշարքը:
Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ մասնակցող խումբերը յստակացան: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ռիատի, Պէյրութ (Լիբանան), Իթթիհատ-Ուասպէ (Սուրիա), Իթթիհատ Իսքանտարի (Եգիպտոս), Ժամհիեթ Սալա (Մարոք), Ահլի-Թրիփոլի (Լիպիա), Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբ, Ամերիկեան համալսարան (Արաբական Միացեալ Էմիրութիններ), Մայթի Սփոր (Ֆիլիփեան կղզիներ):
Մրցաշարքին մասնակցող իւրաքանչիւր խումբ կրնայ իր կազմին մէջ առնել երեք օտարական, սակայն դաշտին վրայ պիտի ըլլայ միայն երկու:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող այս մրցաշարքը պիտի պատկերասփռուի «Տուպայ-Ռիատիէ» եւ «Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայաններէն: