Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցան Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց թեքուանտոյի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումները, Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ)` մասնակցութեամբ 176 մարզիկներու, որոնք կը կրէին սեւ գօտիներ:
Ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած այս ախոյեանութիւնը (յաջորդ հանգրուաններն ալ) պիտի ըլլան զտումի մրցումներ, որոնց ընթացքին ֆետերասիոնը պիտի ընտրէ այն մարզիկները, որոնք 2-6 մարտին Լիբանանի մէջ պիտի մասնակցին Ասիոյ ախոյեանութեան` Լիբանանի ազգային խումբին հետ:



