Երէկ` հինգշաբթի, 9 յունուարին, խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ժողով մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ Սիմոն Ապի Ռամիա, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Միշել Ապի Ռամիա եւ այլ մարզական պատասխանատուներ, տարբեր ֆետերասիոններու նախագահներ:
Ժողովականները համաձայնեցան շարք մը կէտերու շուրջ եւ զանոնք պիտի գործադրեն իրենց նախասիրած եւ յարմար տեսած ձեւով:
Նախ եւ առաջ ֆետերասիոնները իրենց յարմար տեսած ձեւով պիտի կազմակերպեն ախոյեանութիւնները, միշտ ու միշտ գործակցաբար` ներքին ապահովութեան ուժերուն հետ:
Ֆութպոլի պարագային, անոր պիտի մասնակցին այն խումբերը, որոնք կ՛ուզեն մասնակցիլ` նկատի ունենալով, որ որեւէ խումբ Բ. դասակարգ պիտի չփոխադրուի:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ միայն մէկ հանգրուանով (եւ ոչ` երթուդարձ) եւ անոր ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով պիտի կիրարկուի ֆայնըլ ֆորը:
Ֆութպոլին նման պիտի շարունակուի նաեւ պասքեթպոլի ընդմիջուած ախոյեանութիւնը, եւ անոր պիտի մասնակցին այն խումբերը, որոնք յարմար կը տեսնեն անոր մասնակցիլ:
Անոր պարագային եւս, որեւէ խումբ Բ. դասակարգ պիտի չփոխադրուի, եւ անիկա պիտի ըլլայ ֆայնըլ ֆորի դրութեամբ` առանց օտարականներու:
Անիկա պիտի վերսկսի փետրուարի կիսուն եւ ֆութպոլին նման պիտի ըլլայ առանց համակիրներու` Ներքին ապահովութեան ուժերու փափաքին ընդառաջելով: