Ռուս թենիսվումըն Մարիա Շարափովա իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 16-րդ անգամ ըլլալով պիտի մասնակցի Աւստրալիոյ կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին, որուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբաթ:
Մրցաշարքը կը սկսի 20 յունուարին եւ կ՛աւարտի 2 փետրուարին:
«Մելպուրն Փարք»-ի մէջ 2008-ին ախոյեան հանդիսացած Շարափովա, որ ներկայիս աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ դասուած է 147-րդ, կազմակերպիչներուն կողմէ ստացաւ յատուկ հրաւէր մը («Ուայլտ Քարտ»):
Մրցաշարքին գործող ախոյեաններն են` Նովաք Ճոքովիչ եւ Նաոմի Օսաքա: