Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր Լոնտոնի մէջ տեղի կ՛ունենայ բաւական կարեւոր մրցում մը, որուն ընթացքին Թոթենհամ պիտի հիւրընկալէ Լիվըրփուլը: Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, այս մրցումին իրաւարար նշանակուած է Մարթին Էթքինսըն:
Լիվըրփուլի համար ան ամէնէն շատ չսիրուած իրաւարարն է: Ան սուլած է Լիվըրփուլի 14 մրցումի ընթացքին, եւ անոր հետ «Կարմիրները» արձանագրած են միայն 2 յաղթանակ:

Արդեօք Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած խումբը` Թոթենհամ, պիտի յաջողի՞ հանդիսանալ առաջին խումբը, որ պարտութեան պիտի մատնէ ցարդ անպարտելի (Անգլիոյ ախոյեանութեան գծով) Լիվըրփուլը, որուն մարզիչն է Եիւրկըն Քլոփ:
5-րդ դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Եունայթըտ պիտի հիւրընկալէ վերջին դիրքին վրայ գտնուող Նորուիչը:
Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը).
ՇԱԲԱԹ | ԺԱՄ |
Քրիսթալ Փալաս (9) – Արսենալ (10) | 14:30 |
Չելսի (4) – Պըրնլի (15) | 17:00 |
Էվըրթըն (11) – Պրայթըն (14) | 17:00 |
Լայսթըր Սիթի (2) – Սաութհեմփթըն (12) | 17:00 |
Մանչեսթըր Եունայթըտ (5) – Նորուիչ (20) | 17:00 |
Վուլվզ (7) – Նիւքասըլ (13) | 17:00 |
Թոթենհամ (6) – Լիվըրփուլ (1) | 19:30 |
ԿԻՐԱԿԻ | |
Պուրնըմաութ (18) – Ուաթֆորտ (19) | 16:00 |
Ասթոն Վիլա (17) – Մանչեսթըր Սիթի (3) | 18:30 |