Քաթալոնական Պարսելոնան եւ իտալական Եուվենթուս շատ հաւանաբար իրարու հետ մարզիկներու փոխանակում կատարեն, կը յայտնէ «Քալչիօ Մերքաթօ»:
Նշուեցաւ, որ Իվան Ռաքիթիչ պիտի մեկնի Եուվենթուս, մինչ հակառակ ուղղութեամբ պիտի մեկնի Ֆետերիքօ Պերնարտեսքի:
Սակայն այս փոխանակումը տեղի կրնայ ունենալ այս տարեշրջանէն ետք:
Ներկայ դրութեամբ, Ռաքիթիչի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 25 միլիոն եւրոյով:
Իսկ 2017-ին Եուվենթուս Պերնարտեսքին իր կազմին միացնելու նպատակով անոր համար վճարեց 40 միլիոն եւրօ: