Ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի 2019-ի ախոյեան Արսէն Յարութիւնեան դարձաւ Իրանի մէջ տեղի ունեցած Թահթիի միջազգային մրցաշարքի փոխախոյեան, յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
57 քկ դասակարգին մէջ հայրենի ըմբիշը պարտութիւն մը կրեց 23 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեանութեան իրանցի պրոնզէ մետալակիր Ալի Ռիզա Սարլաքէն:
Նոյն քաշային կարգին մէջ, պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Միհրան Ջաբուրեան: