Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ 2020 տարեշրջանի իր յայտագիրը կը սկսի 17 յունուարին, երբ տեղի կ՛ունենան փոքրերու ախոյեանութեան տարիքային մրցումները` Մազարի շրջանին մէջ (Քֆարզեպիան):
Ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է երեքշաբթի, 14 յունուար, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ը:
Այս ախոյեանութենէն ետք պիտի կատարուին նաեւ այլ մրցաշարքեր, որոնց մասին ֆետերասիոնը հետագային տեղեակ պիտի պահէ մամուլով: