Քաթալոնական Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը երկուշաբթի, 13 յունուարի առաւօտեան, ակումբին գլխաւոր գրասենեակին մէջ պիտի քննարկէ գլխաւոր մարզիչ Էռնեսթօ Վալվերտէն պաշտօնանկ ընելու հարցը, յայտնեց «Քաթալունիա ռատիօ»-ն:
Աթլեթիքօ Մատրիտէն (Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարք) խումբին կրած պարտութենէն (3-2) ետք, Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը որոշեց արտահերթ ժողով մը գումարել եւ քննարկել ակումբը իր ճգնաժամէն դուրս բերելու կարելիութիւնները:
Կ՛ակնկալուի, որ ժողովի աւարտէն ետք, Պարսելոնա յայտարարէ Վալվերտէն պաշտօնանկ ընելու մասին:
Աթլեթիքոյի կազմը վերոնշեալ մրցումին Տիեկօ Սիմէոնէի գլխաւորութեամբ առաջին անգամ ըլլալով 3 կոլ նշանակեց Պարսելոնայի բերդին մէջ: