Մարզական

Թանզանիան Ներկայացնող Առաջին Ֆութպոլիստը` «Փրեմիեր Լիկ»-ի Պատմութեան Մէջ

Անգլիական Ասթոն Վիլա պելճիքական Կենք ակումբէն գնեց թանզանիացի յառաջապահ Մպվանա Սամաթան` անոր փոխանցման համար վճարելով 11,7 միլիոն եւրօ: 27 տարեկան ֆութպոլիստը կնքեց 4,5 տարուան պայմանագրութիւն մը: Այսպիսով, ան հանդիսացաւ Թանզանիան ներկայացնող առաջին ֆութպոլիստը` «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ: 2016-ին Կենքին միացած Սամաթա Պելճիքայի այս տարեշրջանի ընթացիկ ախոյեանութեան 20 մրցումի ընթացքին նշանակեց 7 կոլ:

Տեմպելէ Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

Քաթալոնական Պարսելոնայի ֆրանսացի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ, ապաքինելով վերսկսաւ իր փորձերուն: 22 տարեկան ֆութպոլիստը իր առաջին փորձերուն սկսաւ առանձինն` առանց իր խմբակիցներուն: Ըստ Պարսելոնայի մամլոյ քարտուղարութեան, ան շատ հաւանաբար ֆութպոլի կանաչ դաշտերը վերադառնայ փետրուարին: Տեմպելէ այս տարեշրջանին երրորդ անգամ ըլլալով վիրաւորուած էր: Ան այս տարեշրջանին 9 մրցումի ընթացքին նշանակեց միայն կոլ մը:

«Էն. Պի. Էյ.».  Պլէյզըրզ Յաղթեց Ուորիըրզին. Լիլարտ Նշանակեց 61 Կէտ. Լէյքըրզ Եւ Ռոքեթց Պարտուեցան

«Էն. Պի. Էյ.». Պլէյզըրզ Յաղթեց Ուորիըրզին. Լիլարտ Նշանակեց 61 Կէտ. Լէյքըրզ Եւ Ռոքեթց Պարտուեցան

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 14 ճակատումներ: Արեւելեան շրջանի առաջին դիրքը գրաւող Միլուոքի Պաքս արձանագրեց տարեշրջանի իր 39-րդ յաղթանակը (անիկա կրած է միայն 6 պարտութիւն)` 111-98 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Շիքակօ Պուլզը: Ճիաննիս Անթեթոքունփօ (աջին)` երէկուան մրցումին Յաղթական կազմէն Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (28 կէտ, 14 ռիպաունտ, 10 էսիսթ): Իր կարգին, թէեւ թրիփըլ...

Ասիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանանցի Իրաւարարները Մեկնեցան Ուզպեքիստան

Կիրակի, 19 յունուարին, լիբանանցի չորս իրաւարարներ Հիւսէյն Ապու Եահիա (կեդրոնի իրաւարար), Սամեր Պատըր, Ռապիհ Օմայրաթ (կողմի) եւ Ալի Ռիտա (չորրորդ իրաւարար), մեկնեցան Թաշկենտ (Ուզպեքիստան), ուր տեղի պիտի ունենայ Ասիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցում մը: Անոնք պիտի ստանձնեն Լոքոմոթիւ (Ուզպեքիստան) - Իսթիքլալ (Տաճիկիստան) մրցումին իրաւարարի պաշտօնը, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր` երեքշաբթի, 21 յունուարին, Ուզպեքիստանի մայրաքաղաքին մէջ: Լիբանանցի իրաւարարները պիտի փորձեն արդարացնել...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ահտ Իր Փորձերը Կրկնապատկեց

Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսակիր եւ Լիբանանի ախոյեան Ահտ իր փորձերը կրկնապատկեց օրական երկու անգամի, որպէսզի յաջողի լաւ արդիւնքներ արձանագրել` պաշտպանելու համար իր տիտղոսը: Վերոնշեալ մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ահտ 10 փետրուարին պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը Հիլալ Քուտս (Պաղեստին) - Սուր (Օման) մրցումին յաղթականին դէմ: Ահտ աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր սկսած էր իր փորձերուն` հսկողութեամբ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Անսարի Մարզիկներուն Աշխատավարձերը Պիտի Վճարուին Անցեալին Նման

Լիբանանեան Անսար ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ յունուար ամիսէն սկսեալ ակումբին մաս կազմող բոլոր ֆութպոլիստները, մարզիչներն ու թեքնիք յանձնախումբի անդամները իրենց աշխատավարձերը պիտի ստանան անցեալին նման` սովորական ձեւով: Այս կարգադրութիւնը բնականաբար նախատեսուած է բոլոր անոնց համար, որոնք խումբին հետ կը կատարէին իրենց սովորական փորձերը: Ինչ կը վերաբերի այդ փորձերէն բացակայած մարզիկներուն, այդ առնչութեամբ ակումբը յառաջիկային այլ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ա. Դասակարգի Ախոյեանութիւնը Պիտի Կատարուի՞ Հինգ Խումբերու Մասնակցութեամբ

Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանին մասնակցելու իրենց հաւանութիւնը տուին եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին միայն հինգ խումբեր: Սակայն ցարդ անորոշ է, թէ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը այդ հինգ խումբերով միայն պիտի ուզէ՞ ախոյեանութիւնը կազմակերպել, թէ՞ ոչ: Լիբանանեան մարզական մամուլին համաձայն, ֆետերասիոնին մաս կազմող անդամ մը յայտնած է, որ ախոյեանութիւնը տեղի պիտի չունենայ` նկատի ունենալով այն, որ անոր կայացման...

Ըմբշամարտ. Նիսի Միջազգային Մրցաշարք. Արթուր Ալեքսանեան Տիրացաւ Ոսկի Մետալի

Ողիմպիական խաղերու աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան, որ Հայաստանի հաւաքականին հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ Նիսի (Ֆրանսա) միջազգային մրցաշարքին, տիրացաւ ոսկի մետալին: 97 քկ դասակարգին մէջ, Ալեքսանեան աւարտականին 3-1 արդիւնքով յաղթեց իր ազրպէյճանցի մրցակիցին` Օրհան Նուրիեւին: Թէեւ Կարապետ Չալեան (77 քկ) եւ Ռուդիկ Մկրտչեան (55 քկ) հասան աւարտականին, սակայն պարտութիւն կրելով իրենց մրցակիցներէն տիրացան արծաթ մետալի: Իսկ Գէորգ Ղարիբեան (60...

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն.  Սամուէլ Տէր Սահակեան Եւ Մարիա Գէորգեան Հանդիսացան Ախոյեան

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն. Սամուէլ Տէր Սահակեան Եւ Մարիա Գէորգեան Հանդիսացան Ախոյեան

Երէկ` երկուշաբթի, 20 յունուարին, իր աւարտին հասաւ Հայաստանի ճատրակի 2020-ի ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցան վերջին հանգրուանի հանդիպումները, որոնք տեղի ունեցան Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ: Տղոց ախոյեան հանդիսացաւ Սամուէլ Տէր Սահակեան, մինչ աղջկանց ախոյեանի կոչումը իր մօտ պահեց Մարիա Գէորգեան: Հայաստանի արագ ճատրակի ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ 21-22 յունաւորին, իսկ մրցանակաբաշխութիւնը` 23 յունուարին:  

Դահուկարշաւ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն. Միքայէլեան Եւ Գալստեան Հանդիսացան Ախոյեան

Եռօրեայ պայքարէ ետք, կիրակի, 19 յունուարին իր աւարտին հասաւ Հայաստանի դահուկարշաւի, մեծերու ախոյեանութեան Ա. հանգրուանը: Տղոց 10 քմ ազատ ոճի մրցումին, 28' 30" 8 արդիւնք մը արձանագրելով, ախոյեան հանդիսացաւ Միքայէլ Միքայէլեան: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Թադէոս Պօղոսեան (29' 57" 9) եւ զուիցերիացի Ատրին Շելենպերկ: Իսկ աղջկանց պարագային ախոյեան հանդիսացաւ Քաթիա Գալստեան, որ 5 քմ-ի մրցումին արձանագրեց...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով.  Արթուր Ազարեան Ընտրուեցաւ Ընդհանուր Քարտուղար

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Արթուր Ազարեան Ընտրուեցաւ Ընդհանուր Քարտուղար

Երէկ` երկուշաբթի, 20 յունուարին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործադիր կոմիտէի նոր կազմին առաջին նիստը` ֆետերասիոնին գրասենեակին մէջ: Ժողովականները իրենց օրակարգին վրայ ունէին չորս հարց. Ա.- Ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեանի հաշուետուութիւն-զեկուցում: Բ.- Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մնայուն կոմիտէներու կազմերու քննարկում եւ հաստատում: Գ.- Բարձրագոյն եւ Ա. դասակարգերու ակումբներու նախագահներուն, ֆետերասիոնի նախագահին կից ժամանակաւոր կոմիտէներու ստեղծման հարցի քննարկում: Դ..- Ֆետերասիոնի...

Մխիթարեանի Վերադարձը` Օրերու Հա՞րց

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան շատ հաւանական է, որ յառաջիկայ օրերուն վերադառնայ ֆութպոլի դաշտերը: Ա. Էս. Ռոմայի գլխաւոր մարզիչ Փաուլօ Ֆոնեսքա, որ այս գծով յայտարարութիւն մը կատարեց, աւելցուց, որ ան նոյնիսկ կրնայ 26 յունուարին իր մասնակցութիւնը բերել Լացիօ Ռոմայի դէմ տեղի ունենալիք Հռոմ քաղաքի տերպիի մրցումին: Մխիթարեան վիրաւորուեցաւ այս ամսուան սկիզբը` Թորինոյի դէմ կատարուած...

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Բաց Մրցաշարք.  Ռոժէ Ֆետերեր Եւ Սերենա Ուիլիըմզ` Յաղթական

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Բաց Մրցաշարք. Ռոժէ Ֆետերեր Եւ Սերենա Ուիլիըմզ` Յաղթական

Երէկ` երկուշաբթի, 20 յունուարին, աւստրալիական Մելպուրն քաղաքին մէջ սկսաւ Աւստրալիոյ թենիսի բաց ախոյեանութիւնը, որ տարեշրջանի առաջին կրան-շլեմի մրցաշարքն է: Առաջին անգամ 1905-ին սկսած այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ 107-րդ անգամ ըլլալով: Մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ 71 միլիոն ամերիկեան տոլար: Անոր գործող ախոյեաններն են Նովաք Ճոքովիչ եւ Նաոմի Օսաքա: Զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր մրցաշարքին սկսաւ յաղթանակով, երբ 6-3, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով...

«Էն. Պի. Էյ.». Սփըրզ Եւ Փէյսըրզ` Յաղթական

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու մրցումներ: Սան Անթոնիօ Սփըրզ, որ հիւրընկալեց Մայեմի Հիթը, արձանագրեց 107-102 արդիւնքով յաղթանակ մը: Սփըրզ, որ կը պայքարի փլէյ օֆի տոմս մը ապահովելու համար, արձանագրեց իր 18-րդ յաղթանակը: Տոմանթաս Սապոնիս (կեդրոնը)` երէկուան մրցումին Իսկ երկրորդ մրցումին, Ինտիանա Փէյսըրզ 115-107 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Տենվըր Նակեթցի դաշտէն: Յաղթական կազմէն Տոմանթաս Սապոնիս (Լիթուանիա)...

Իտալական Ֆութպոլ. Նափոլիի Նախագահը Կ՛ուզէ Հեռացնել Կաթուզոն

Իտալական մամուլին համաձայն, Նափոլիի նախագահ Օրելիօ Տէ Լորենթիս կ՛ուզէ հեռացնել ակումբին գլխաւոր մարզիչը Կենարօ Կաթուզոն, որ իր պաշտօնը ստանձնեց նախորդ 11 դեկտեմբերին` փոխարինելով Քարլօ Անչելոթթին: Լորենթիս յուսախաբ մնացած է Կաթուզոյի աշխատանքէն, որուն պատճառով Նափոլի Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի հինգ մրցումներուն ընթացքին կրած է չորս պարտութիւն: Խումբը այժմ 24 կէտով կը գտնուի 12-րդ դիրքին վրայ: Կաթուզօ կրկնեց Նափոլիի նախկին չեխ մարզիչ...

Քասիաս Հաւանաբար Իր Թեկնածութիւնը Առաջադրէ Սպանիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Նախագահական Ընտրութիւններուն

Սպանական «Մարքա» հանրածանօթ մարզական օրաթերթին համաձայն, Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին բերդապահ Իքեր Քասիաս շատ հաւանաբար իր թեկնածութիւնը առաջադրէ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահական ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան մարտին:

Քոնկ Ֆու – Ուու Շու. Այնճար Ամիթի Գրաւեց Երկրորդ Դիրքը

  Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու - ուու շուի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Շեպիպէ ակումբին մէջ (Ֆըրն Շըպպեք) տեղի ունեցաւ թաու լուի Լիբանանի բաժակի մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 68 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ 8 ակումբները. Անթունիէ Պաապտա, Պել Հորիզոն, Սքուեր Ֆիթ Քլապ, Այնճար Ամիթի, Սանթրալ Ճիւնի, ԱՊՊԱ, Ալաա եւ Թայկըրզ: Ապահովելով 121 կէտ` Այնճար Ամիթիի մարզիկները գրաւեցին երկրորդ դիրքը` տիրանալով 23 մետալի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Անսար Տիրացաւ Հարեթ Հըրէյքի Քաղաքապետութեան Մրցաշարքի Տիտղոսին

Շաբաթ, 18 յունուարին, Ահտի դաշտին վրայ (օդակայանի ճամբան) տեղի ունեցաւ Հարեթ Հըրէյքի քաղաքապետութեան եւ Ահտ ակումբին կազմակերպած ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականի մրցումը, որ կը կատարուէր 8-րդ անգամ ըլլալով: Շուրջ 1300 համակիրներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս մրցումին, Անսար 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շապապ Սահելին, տիրացաւ տիտղոսին: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Հուսամ Լաուաթի (13-րդ) եւ Հաժ Մալեք (84-րդ): Մրցումին 22-րդ վայրկեանին, Մոհամետ Համմուտ...

Պասքեթպոլ. Տուպայի 31-րդ Միջազգային Մրցաշարք. Հուփս Պէյրութ Այսօր Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Այսօր` երկուշաբթի, 20 յունուարին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Հուփս Պէյրութ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ) կու տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին կը ներկայացնէ իր կազմը, որ պիտի մասնակցի 23 յունուարէն 1 փետրուարին տեղի ունենալիք Տուպայի պասքեթպոլի 31-րդ միջազգային մրցաշարքին: Հուփսէն բացի, Լիբանան ունի նաեւ երկու այլ ներկայացուցիչ` Ռիատին եւ Պէյրութը: Հուփսի մարզիչն է լիբանանցի փորձառու մարզիչ Ժատ Հաժ:

Ըմբշամարտ. Արսէն Ջուլֆալակեան Ոսկիէ Մետալակիր` Դանիոյ Մէջ

Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան, ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր Արսէն Ջուլֆալակեան յաղթանակ արձանագրեց Դանիոյ միջազգային մրցաշարքին: Ջուլֆալակեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Դանիոյ մէջ տեղի ունեցած «Թհոր Մասթըրզ»-ի միջազգային մրցաշարքին, 77 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ ոսկիէ մետալի: Անոր կ՛ընկերակցէր անոր հայրը` Լեւոն Ջուլֆալակեան, որ նախապէս եղած էր Հայաստանի ազգային հաւաքականի նախկին գլխաւոր մարզիչ:

Page 638 of 1279 1 … 637 638 639 … 1,279

Արխիւներ