Այսօր` երկուշաբթի, 20 յունուարին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Հուփս Պէյրութ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ) կու տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին կը ներկայացնէ իր կազմը, որ պիտի մասնակցի 23 յունուարէն 1 փետրուարին տեղի ունենալիք Տուպայի պասքեթպոլի 31-րդ միջազգային մրցաշարքին:
Հուփսէն բացի, Լիբանան ունի նաեւ երկու այլ ներկայացուցիչ` Ռիատին եւ Պէյրութը:
Հուփսի մարզիչն է լիբանանցի փորձառու մարզիչ Ժատ Հաժ: