Ըմբշամարտ. Ուքրանաբնակ Հայ Ըմբիշները Դանիոյ Մէջ Տիրացան Մետալներու
Ուքրանիոյ հայերու միութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Թհոր Մասթըրզի 18-րդ միջազգային մրցաշարքին, յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն մասնակցած հայերը, արձանագրելով տպաւորիչ արդիւնքներ, տիրացան մետալներու: Դանիոյ մէջ տեղ ունեցած միջազգային բարձրագոյն կարգի այս մրցաշարքին, Կորիւն Սահրադեան հանդիսացաւ ախոյեան (55 քկ), մինչ Ժորա Աբովեան` փոխախոյեան (60 քկ): Ուքրանիոյ ներկայացուցիչները, տիրանալով չորս մետալի, խմբային դասաւորման մէջ Դանիոյ ետին գրաւեցին երկրորդ դիրքը:




