Քաթալոնական Պարսելոնայի ֆրանսացի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ, ապաքինելով վերսկսաւ իր փորձերուն: 22 տարեկան ֆութպոլիստը իր առաջին փորձերուն սկսաւ առանձինն` առանց իր խմբակիցներուն:
Ըստ Պարսելոնայի մամլոյ քարտուղարութեան, ան շատ հաւանաբար ֆութպոլի կանաչ դաշտերը վերադառնայ փետրուարին:
Տեմպելէ այս տարեշրջանին երրորդ անգամ ըլլալով վիրաւորուած էր: Ան այս տարեշրջանին 9 մրցումի ընթացքին նշանակեց միայն կոլ մը: