Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանին մասնակցելու իրենց հաւանութիւնը տուին եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին միայն հինգ խումբեր:
Սակայն ցարդ անորոշ է, թէ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը այդ հինգ խումբերով միայն պիտի ուզէ՞ ախոյեանութիւնը կազմակերպել, թէ՞ ոչ:
Լիբանանեան մարզական մամուլին համաձայն, ֆետերասիոնին մաս կազմող անդամ մը յայտնած է, որ ախոյեանութիւնը տեղի պիտի չունենայ` նկատի ունենալով այն, որ անոր կայացման համար նախապայման է 12 խումբերէն նուազագոյնը կէսէն աւելիին մասնակցիլ ուզելը: