Շաբաթ, 18 յունուարին, Ահտի դաշտին վրայ (օդակայանի ճամբան) տեղի ունեցաւ Հարեթ Հըրէյքի քաղաքապետութեան եւ Ահտ ակումբին կազմակերպած ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականի մրցումը, որ կը կատարուէր 8-րդ անգամ ըլլալով:
Շուրջ 1300 համակիրներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս մրցումին, Անսար 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շապապ Սահելին, տիրացաւ տիտղոսին:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Հուսամ Լաուաթի (13-րդ) եւ Հաժ Մալեք (84-րդ):
Մրցումին 22-րդ վայրկեանին, Մոհամետ Համմուտ (Սահել) իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով դաշտէն վտարուեցաւ օրուան կեդրոնի իրաւարար Ժամիլ Ռամատանի կողմէ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:



