Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսակիր եւ Լիբանանի ախոյեան Ահտ իր փորձերը կրկնապատկեց օրական երկու անգամի, որպէսզի յաջողի լաւ արդիւնքներ արձանագրել` պաշտպանելու համար իր տիտղոսը:
Վերոնշեալ մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ահտ 10 փետրուարին պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը Հիլալ Քուտս (Պաղեստին) – Սուր (Օման) մրցումին յաղթականին դէմ:
Ահտ աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր սկսած էր իր փորձերուն` հսկողութեամբ գլխաւոր մարզիչ Պասեմ Մարմարի:



