«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու մրցումներ:
Սան Անթոնիօ Սփըրզ, որ հիւրընկալեց Մայեմի Հիթը, արձանագրեց 107-102 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Սփըրզ, որ կը պայքարի փլէյ օֆի տոմս մը ապահովելու համար, արձանագրեց իր 18-րդ յաղթանակը:

Իսկ երկրորդ մրցումին, Ինտիանա Փէյսըրզ 115-107 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Տենվըր Նակեթցի դաշտէն: Յաղթական կազմէն Տոմանթաս Սապոնիս (Լիթուանիա) թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (22 կէտ, 15 ռիպաունտ, 10 էսիսթ), իսկ Նակեթցէն Նիքոլա Եոնքիչ նշանակեց 30 կէտ:
Արեւմտեան շրջանի երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Նակեթց կրեց իր 13-րդ պարտութիւնը:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն, իրենց շրջաններուն պարագլուխի դիրքերը գրաւող Միլուոքի Պաքս (Արեւելեան շրջան) եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (արեւմտեան շրջան), իրենց դաշտերէն դուրս յաղթանակներ արձանագրեցին յաջորդաբար Մինեսոթա Վուլվզի (122-112) եւ Հիուսթըն Ռոքեթցի (124-115) դէմ: