Երէկ` երկուշաբթի, 20 յունուարին, աւստրալիական Մելպուրն քաղաքին մէջ սկսաւ Աւստրալիոյ թենիսի բաց ախոյեանութիւնը, որ տարեշրջանի առաջին կրան-շլեմի մրցաշարքն է:
Առաջին անգամ 1905-ին սկսած այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ 107-րդ անգամ ըլլալով:
Մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ 71 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Անոր գործող ախոյեաններն են Նովաք Ճոքովիչ եւ Նաոմի Օսաքա:
Զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր մրցաշարքին սկսաւ յաղթանակով, երբ 6-3, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ամերիկացի Սթիւ Ճոնսըն` 1 ժամ 21 վայրկեանի ընթացքին:
38 տարեկան Ֆետերեր նախորդ նոյեմբերէն ի վեր կը կատարէր իր առաջին մրցումը:

30-րդ դասուած Տեն Իվընզ, որ Անգլիոյ թիւ 1 դասուած մարզիկն է, իր կարգին ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը` 3-6, 4-6, 6-1, 6-2 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ամերիկացի Մաքենզի Մաքտոնալտի դէմ:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ եւ գործող ախոյեան Նաոմի Օսաքա:
23 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած Սերենա Ուիլիըմզ իր յաղթանակը արձանագրեց Անասթասիա Փոթափովայի (Ռուսիա) դէմ` 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով:

Իսկ ճափոնցի Օսաքա իր յաղթանակը արձանագրեց Մարի Պուզքովայի (Չեխիա) դէմ` 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով:
7-րդ դասուած ռուս Փեթրա Քվիթովա 51 վայրկեանի ընթացքին հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց չեխ Քաթերինա Սինիաքովայի դէմ` 6-1 եւ 6-0 արդիւնքով: