Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան շատ հաւանական է, որ յառաջիկայ օրերուն վերադառնայ ֆութպոլի դաշտերը:
Ա. Էս. Ռոմայի գլխաւոր մարզիչ Փաուլօ Ֆոնեսքա, որ այս գծով յայտարարութիւն մը կատարեց, աւելցուց, որ ան նոյնիսկ կրնայ 26 յունուարին իր մասնակցութիւնը բերել Լացիօ Ռոմայի դէմ տեղի ունենալիք Հռոմ քաղաքի տերպիի մրցումին:
Մխիթարեան վիրաւորուեցաւ այս ամսուան սկիզբը` Թորինոյի դէմ կատարուած մրցումին: