Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.». Աթլանթա Հոքս 152-133 Արդիւնքով Յաղթեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան ութ ճակատումներ: Աթլանթա Հոքս 152-133 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի դէմ: Յաղթական կազմէն Թրայէ Եանկ նշանակեց 45 կէտ, մինչ Պրետլի Պիլ (Ուիզըրտծ)` 40 կէտ: Տեմիըն Լիլարտ, որ նշանակեց 50 կէտ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ տասը կէտի տարբերութեամբ` 139-129 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ինտիանա Փէյսըրզին: Տեմիըն Լիլարտ (Պլէյզըրզ) նշանակեց...

«Քալչիօ». Նափոլի Յաղթեց Եուվենթուսին (2-1)

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրի գործող ախոյեան Եուվենթուս կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը` Նափոլիի «Սթատիօ Սան Փաուլօ» մարզադաշտին վրայ, 2-1 արդիւնքով: Մրցումին վերջին վայրկեանին, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նշանակեց Եուվենթուսի ուշացած կոլը: Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Եուվենթուս, որ այժմ ունի 51 կէտ, այժմ երեք կէտով կը գերազանցէ 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Ինթեր Միլանը,...

«Լա Լիկա». Ռէալ Մատրիտ Յաղթեց Եւ Պարսելոնայէն Խլեց Պարագլուխի Դիրքը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ փոփոխութիւն կատարուեցաւ: Օգտուելով Պարսելոնայի կրած պարտութենէն (Վալենսիայէն` 2-0 արդիւնքով), Ռէալ Մատրիտ անկէ խլեց պարագլուխի դիրքը` 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Ռէալ Վայատոլիտի դաշտին վրայ: Սպանացի յետսապահ Խոսէ Իկնասիօ Նաչօ նշանակեց մրցումին միակ կոլը (78-րդ): Այժմ Ռէալ Մատրիտ 3 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ իր ոխերիմ մրցակիցին`...

«Լիկ 1». Փարիզ Սեն Ժերմեն Տասը Կէտի Առաւելութեամբ` Առաջին

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ 1»-ի 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրին գործող ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Լիլի դաշտէն: Պրազիլցի Նէյմար, նշանակեց մայրաքաղաքի կազմին երկու կոլերը (28-րդ եւ 52-րդ` փենալթիով): Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Սեն Ժերմեն տասը կէտի առաւելութիւն մը ունի 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Մարսէյի վրայ, որ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը...

Պասքեթպոլ. Տուպայի Միջազգային Մրցաշարք.  Իթթիհատ Իսքանտարի Պարտուեցաւ Թէ՛ Ռիատիէն, Թէ՛ Ալ Հուփսէն

Պասքեթպոլ. Տուպայի Միջազգային Մրցաշարք. Իթթիհատ Իսքանտարի Պարտուեցաւ Թէ՛ Ռիատիէն, Թէ՛ Ալ Հուփսէն

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունեցող Տուպայի պասքեթպոլի 31-րդ միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան շարք մը հետաքրքրական եւ տաք մրցումներ: Էլի Ռըսթոմ (կեդրոնը) Շաբաթ օրուան մրցումներուն, Պէյրութ արձանագրեց մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը` 88-74 արդիւնքով յաղթելով Իթթիհատին (Սուրիա): Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Պէյրութէն Էլի Ռըսթոմ (15): Արաբական ակումբներու ախոյեան հանդիսացած Իթթիհատ Իսքանտարի (Եգիպտոս) նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած...

Քոնկ Ֆու Ուու Շու. Ռուստամ Ալավերդեան Ընտրուեցաւ Հայաստանի Ֆետերասիոնի Նախագահ

Երեւանի «Քոնկրես» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի Քոնկ ֆու ուու շուի ֆետերասիոնին արտահերթ ընդհանուր ժողովին, Ռուստամ Ալավերդեան 29 կողմ ձայնով միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ ֆետերասիոնի նոր նախագահ: 1992-էն ի վեր ֆետերասիոնին նախագահն էր Տիգրան Չոբանեան: Ֆետերասիոնին մաս կազմող 44 անդամներէն 27-ն մասնակցեցան այս ընտրութիւններուն:

Ժիւտօ. Ֆերտինանտ Կարապետեան` Արծաթէ Մետալակիր

Հայաստանի ժիւտոյի ազգային հաւաքականի անդամ Ֆերտինանտ Կարապետեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Թել Աւիւի մէջ տեղի ունեցած ժիւտոյի միջազգային մրցաշարքին, 73 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ արծաթ մետալի: Այս մրցաշարքը վարկանշային էր` ողիմպիականի յաջորդ խաղերուն համար: Հայրենի մարզիկը, արձանագրելով 6 յաղթանակ, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր սակայն զիջեցաւ Իտալիան ներկայացնող Ֆապիօ Պասիլենիի դիմաց: Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու համար ժիւտոյի միջազգային ֆետերասիոնը տարբեր...

Անտոնեան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Ֆրանսական 4-րդ Դասակարգի Խումբին Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու Կայել Անտոնեան ունեցաւ իր նոր ակումբը: Ֆրանսական մամուլը յայտնեց, որ Անտոնեան միացաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի Դ. դասակարգին մաս կազմող Մարթիկ խումբին: Անտոնեան հաւաքական չէր հրաւիրուեր` նկատի ունենալով, որ երկար ժամանակ մնացած էր առանց ակումբի:  

Գեղասահք. Սենեկալ – Կարապետեան Զոյգը Գրաւեց 17-րդ Դիրքը

Հայաստանի բոլոր ներկայացուցիչները աւարտեցին իրենց ելոյթները Եւրոպայի գեղասահքի ախոյեանութեան: Աւստրիական Կրաց քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան, Սիմոն Սենեկալ - Թինա Կարապետեան զոյգը ազատ ծրագիրին մէջ ապահովելով 95,39 կէտ, 20 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 17-րդ դիրքը: Հայաստանի ներկայացուցիչ Անասթասիա Գալուստեան աղջկանց մենասահքի մրցումներուն չկրցաւ յաղթահարել առաջին հանգրուանի արգելքը, իսկ Սլաւիկ Հայրապետեան 24 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 18-րդ դիրքը:    

Աւստրալիոյ Թենիսի Բաց Մրցաշարք.  Կարէն Խաչանով Դուրս Մնաց. Ֆետերեր Եւ Ճոքովիչ Հասան Քառորդ Աւարտական

Աւստրալիոյ Թենիսի Բաց Մրցաշարք. Կարէն Խաչանով Դուրս Մնաց. Ֆետերեր Եւ Ճոքովիչ Հասան Քառորդ Աւարտական

Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն 16-րդ դասուած ռուսահայ Կարէն Խաչանով չկրցաւ ապահովել Դ. հանգրուանի իր տոմսը, երբ 2-6, 6-7, 7-6, 7-6 եւ 6-7 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց աւստրալիացի Նիք Քիրկիոսէն (23-րդ): Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց աւելի քան 4,5 ժամ: Դ. հանգրուանին ծիրին մէջ, 2-րդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ ապահովեց քառորդ...

Քոպի Պրայընթ Զոհ Գնաց Ուղղաթիռի Արկածի Մը

Ամերիկացի անուանի նախկին պասքեթպոլիստ Քոպի Պրայընթ երէկ զոհ գնաց ուղղաթիռի արկածի մը, յայտնեց «Թի. Էմ. Զետ», որ անոր մահուան լուրը փոխանցող առաջին աղբիւրը հանդիսացաւ: Նշուեցաւ, որ «Սիքորսքի-Էս. 76» ուղղաթիռին մէջ էին օդաչուն եւ չորս ճամբորդներ: Պրայընթի կինը ուղղաթիռին մէջ չէր: Նշենք, որ Քոպի Պրայընթ 41 տարեկան էր:

Անգլիական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլ Չկրցաւ Յաղթել Գ. Դասակարգին Մաս Կազմող Իր Մրցակիցին

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումները: Ճէյսըն Քամինկզ Մինչ Մանչեսթըր քաղաքի երկու խումբերը` Սիթի եւ Եունայթըտ արձանագրեցին մեծ յաղթանակներ, անդին Լիվըրփուլ չկրցաւ յաղթել իր մրցակիցին` Շրուզպըրի Թաունին, որ մաս կը կազմէ Գ. դասակարգին: Անոնց միջեւ հաւասարութիւնը (2-2) պատճառ դարձաւ, որ անոնք դարձեալ իրարու դէմ մրցում մը կատարեն յառաջիկային: 2-0 արդիւնքով ուշացած հիւրընկալ կազմին կոլերը նշանակեց...

Թոքիօ-2020. Ողիմպիական Խաղերուն Մեկնարկին Մնաց 180 Օր

Ամառնային 32-րդ ողիմպիական խաղերուն (որոնք տեղի պիտի ունենան Թոքիոյի մէջ) մեկնարկին մնաց 180 օր: Անոր ազդանշանը պիտի տրուի 24 յուլիսին, մինչ անիկա պիտի աւարտի 9 օգոստոսին: Աշխարհի 206 երկիրներէ շուրջ 11 հազար մարզիկներ պիտի մրցին 33 մարզաձեւերու մէջ: Թոքիօ երկրորդ անգամ ըլլալով է, որ կը հիւրընկալէ այս խաղերը. առաջինը 1964-ին էր: Հայաստան ցարդ ապահոված է երեք տոմս: Երկու տոմս ապահոված...

Պունտըսլիկա. Պայէրն Միւնիխ Մօտեցաւ Լայփցիկին

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լայփցիկ 2-0 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դաշտէն: Պայէրն Միւնիխ - Շալքէ մրցումէն Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ անոր դիրքը բաւական վտանգուի` նկատի ունենալով, որ անոր անմիջական մրցակիցը` երկրին գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ, 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելէ ետք իր հիւրը` Շալքէն, կէտերու տարբերութիւնը նուազեցուց միայն կէտի մը:...

Սատիօ Մանէ 3 Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Անգլիական Լիվըրփուլի յառաջապահ Սատիօ Մանէ վնասուածքի պատճառով 3 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Սենեկալցի ֆութպոլիստը վիրաւորուեցաւ Վուլվզի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Փրեմիեր լիկ»):

«Էն. Պի. Էյ.».  Լէյքըրզ Եւ Ուորիըրզ Պարտուեցան. Պաքս Եւ Ռոքեթց` Յաղթական

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ Եւ Ուորիըրզ Պարտուեցան. Պաքս Եւ Ռոքեթց` Յաղթական

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ նախորդ շաբաթավերջին կատարուած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրը եղաւ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզին, կրեց 108-91 արդիւնքով պարտութիւն մը Լէյքըրզէն: 31 կէտ նշանակեց Անթոնի Տէյվիս: Քաուհի Լէոնարտ (ձախին)` Մայեմի Հիթի դէմ մրցումին Սակայն Լոս Անճելըս քաղաքի երկրորդ խումբը` Քլիփըրզ, 122-117 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Մայեմի Հիթի դաշտէն: Յաղթական կազմէն Քաուհի Լէոնարտ թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (33 կէտ,...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրեց Երեք Երկիրներու Հետ

Երէկ` ուրբաթ, 24 յունուարին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը համագործակցութեան յուշագիր ստորագրեց Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի եւ Պիելոռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոններուն հետ: Յուշագիրին ստորագրութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ` ներկայութեամբ վերոնշեալ երկիրներու ֆետերասիոններուն եւ ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչին, որ ստորագրութեան արարողութեան ներկայ կը գտնուէր իբրեւ հիւր երկիր: Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկեցին ֆութպոլի վերաբերող այլազան հարցեր, որոնց կարգին` մարզիչներու կրթութիւն, մանկապատանեկան ֆութպոլ, ֆութսալ,...

Յառաջիկայ Երկուշաբթի, 27 Յունուարէն Սկսեալ. Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Պիտի Սկսի Իր Փորձերուն

Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը երկուշաբթի, 27 յունուարին պիտի սկսի յատուկ բանակումի մը` պատրաստուելու համար յառաջիկային Թուրքմենիստանի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ Քաթար-2022-ի մոնտիալի եւ Չինաստան-2023-ի Ասիոյ բաժակի զոյգ մրցաշարքերու զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ: Հակառակ անոր որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 31 մարտին, սակայն Լիբանան այժմէն պիտի սկսի իր պատրաստութիւններուն` նկատի ունենալով, որ փետրուար ամսուան վերջը Ահտի եւ Անսարի...

Պասքեթպոլ. Տուպայի Միջազգային Մրցաշարք. Հուփս Յաղթեց, Պէյրութ Պարտուեցաւ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Տուպայի պասքեթպոլի 31-րդ միջազգային մրցաշարքին երկրորդ օրը, երէկ կատարուեցան չորս ճակատումներ: Մրցումներ կատարեցին նաեւ Լիբանանի երեք ներկայացուցիչներէն երկուքը` Պէյրութ եւ Հուփս: Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք, Պէյրութ կէտի մը տարբերութեամբ միայն, երկարաձգումէն ետք 86-85 արդիւնքով պարտուեցաւ Թունուզեան Ռատեսիէն: Մրցումին չորս քորթըրները աւարտեցան 72-72 արդիւնքով: Պէյրութի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Կերոն...

Տիգրան Բարսեղեան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Ասթանայի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան երէկ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ղազախական Ասթանայի հետ, յայտնեց վերջինիս մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշուեցաւ, որ իր նոր ակումբին հետ, նախքան երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելը, հայ ֆութպոլիստը Փորթուգալի մէջ ենթարկուած է բժշկական յաջող քննութիւններու:  

Page 635 of 1279 1 … 634 635 636 … 1,279

Արխիւներ