«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան ութ ճակատումներ:
Աթլանթա Հոքս 152-133 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի դէմ:
Յաղթական կազմէն Թրայէ Եանկ նշանակեց 45 կէտ, մինչ Պրետլի Պիլ (Ուիզըրտծ)` 40 կէտ:

Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ տասը կէտի տարբերութեամբ` 139-129 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ինտիանա Փէյսըրզին: Տեմիըն Լիլարտ (Պլէյզըրզ) նշանակեց 50 կէտ:
Մինչ Փէյսըրզէն թրիփըլ տապըլի հեղինակ դարձաւ Տոմանթաս Սապոնիս (27 կէտ, 14 ռիպաունտ, 11 էսիսթ):
Սան Անթոնիոյի մէջ, Սփըրզ պարտուեցաւ իր հիւրէն` երկրին գործող ախոյեան Թորոնթօ Ռեփթըրզէն (110-106): Փասքալ Սիաքամ (Ռեփթըրզ) նշանակեց 35 կէտ:
Իր կարգին, թրիփըլ տապըլի հեղինակ դարձաւ Նիքոլա Եոքիչ (24 կէտ, 12 ռիպաունտ, 11 էսիսթ), երբ անոր կազմը` Տենվըր Նակեթց, 117-110 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Հիուսթըն Ռոքեթցին: Վերջինէս Ռասըլ Ուեսթպրուք նշանակեց 32 կէտ: