Հայաստանի ժիւտոյի ազգային հաւաքականի անդամ Ֆերտինանտ Կարապետեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Թել Աւիւի մէջ տեղի ունեցած ժիւտոյի միջազգային մրցաշարքին, 73 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ արծաթ մետալի:
Այս մրցաշարքը վարկանշային էր` ողիմպիականի յաջորդ խաղերուն համար:
Հայրենի մարզիկը, արձանագրելով 6 յաղթանակ, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր սակայն զիջեցաւ Իտալիան ներկայացնող Ֆապիօ Պասիլենիի դիմաց:
Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու համար ժիւտոյի միջազգային ֆետերասիոնը տարբեր տեսակի մրցաշարքերուն ընթացքին արձանագրուած արդիւնքներուն լոյսին տակ, 25 մայիսին պիտի հրապարակէ վերջնական դասաւորումը:
Առաջին 25 դիրքերը գրաւող մարզիկները պիտի մասնակցին 2020-ի ողիմպիական խաղերուն: