
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու Կայել Անտոնեան ունեցաւ իր նոր ակումբը:
Ֆրանսական մամուլը յայտնեց, որ Անտոնեան միացաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի Դ. դասակարգին մաս կազմող Մարթիկ խումբին:
Անտոնեան հաւաքական չէր հրաւիրուեր` նկատի ունենալով, որ երկար ժամանակ մնացած էր առանց ակումբի: