Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունեցող Տուպայի պասքեթպոլի 31-րդ միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան շարք մը հետաքրքրական եւ տաք մրցումներ:

Շաբաթ օրուան մրցումներուն, Պէյրութ արձանագրեց մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը` 88-74 արդիւնքով յաղթելով Իթթիհատին (Սուրիա): Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Պէյրութէն Էլի Ռըսթոմ (15):
Արաբական ակումբներու ախոյեան հանդիսացած Իթթիհատ Իսքանտարի (Եգիպտոս) նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած երկու մրցումներուն պարտութիւն կրեց լիբանանեան երկու կազմերէն` Ռիատիէն (94-89) եւ Հուփսէն (88-86):
Նշենք, որ երէկ գիշեր Ռիատի արձանագրեց մրցաշարքի իր երրորդ յաղթանակը, երբ 82-77 արդիւնքով պարտութեան մատնեց մարոքեան Սալա խումբը: