Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրի գործող ախոյեան Եուվենթուս կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը` Նափոլիի «Սթատիօ Սան Փաուլօ» մարզադաշտին վրայ, 2-1 արդիւնքով:
Մրցումին վերջին վայրկեանին, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նշանակեց Եուվենթուսի ուշացած կոլը:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Եուվենթուս, որ այժմ ունի 51 կէտ, այժմ երեք կէտով կը գերազանցէ 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Ինթեր Միլանը, որ իր դաշտին վրայ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Քալիարիի հետ:
Հռոմ քաղաքի տերպին` Ա. Էս. Ռոմայի եւ Լացիօ Ռոմայի միջեւ, աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ:
Այս հանգրուանին մեծագոյն յաղթականը եղաւ Աթալանթա, որ Թորինոյի դաշտին վրայ արձանագրեց 7-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Եոսիփ Իլիսիչ (Սլովենիա) հեթրիք մը իրագործեց, մինչ հիւրընկալ կազմէն 2 մարզիկ կարմիր քարտ ստացաւ: