Հայաստանի բոլոր ներկայացուցիչները աւարտեցին իրենց ելոյթները Եւրոպայի գեղասահքի ախոյեանութեան:
Աւստրիական Կրաց քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան, Սիմոն Սենեկալ – Թինա Կարապետեան զոյգը ազատ ծրագիրին մէջ ապահովելով 95,39 կէտ, 20 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 17-րդ դիրքը:
Հայաստանի ներկայացուցիչ Անասթասիա Գալուստեան աղջկանց մենասահքի մրցումներուն չկրցաւ յաղթահարել առաջին հանգրուանի արգելքը, իսկ Սլաւիկ Հայրապետեան 24 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 18-րդ դիրքը: