Հայկ Իշխանեան Շատ Հաւանաբար Միանայ Ժեթիսուին
Ալաշկերտի ֆութպոլի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ ակումբին մաս կազմող յետսապահ Հայկ Իշխանեան շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Ղազախստանի մէջ` մաս կազմելով Ժեթիսուին: 30 տարեկան ֆութպոլիստը երկկողմանի համաձայնութեամբ մը իր պայմանագրութիւնը խզեց Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող իր ակումբին հետ: 2014-2015 տարեշրջանին Ալաշկերտին մաս կազմած եւ ապա անկէ հեռացած Իշխանեան, նախորդ տարուան յունիսին վերադարձած էր Ալաշկերտ:





