Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումները:
Մինչ Մանչեսթըր քաղաքի երկու խումբերը` Սիթի եւ Եունայթըտ արձանագրեցին մեծ յաղթանակներ, անդին Լիվըրփուլ չկրցաւ յաղթել իր մրցակիցին` Շրուզպըրի Թաունին, որ մաս կը կազմէ Գ. դասակարգին: Անոնց միջեւ հաւասարութիւնը (2-2) պատճառ դարձաւ, որ անոնք դարձեալ իրարու դէմ մրցում մը կատարեն յառաջիկային: 2-0 արդիւնքով ուշացած հիւրընկալ կազմին կոլերը նշանակեց Ճէյսըն Քամինկզ (65-րդ` փենալթիով եւ 75-րդ):
Սիթի 4-0 արդիւնքով յաղթեց Ֆուլհեմին, իսկ Եունայթըտ` Թրանմիրին, 6-0 արդիւնքով: