Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ 1»-ի 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրին գործող ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Լիլի դաշտէն: Պրազիլցի Նէյմար, նշանակեց մայրաքաղաքի կազմին երկու կոլերը (28-րդ եւ 52-րդ` փենալթիով):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Սեն Ժերմեն տասը կէտի առաւելութիւն մը ունի 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Մարսէյի վրայ, որ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Անժէի հետ: