«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ նախորդ շաբաթավերջին կատարուած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրը եղաւ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզին, կրեց 108-91 արդիւնքով պարտութիւն մը Լէյքըրզէն: 31 կէտ նշանակեց Անթոնի Տէյվիս:
Սակայն Լոս Անճելըս քաղաքի երկրորդ խումբը` Քլիփըրզ, 122-117 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Մայեմի Հիթի դաշտէն: Յաղթական կազմէն Քաուհի Լէոնարտ թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (33 կէտ, 10 ռիպաունտ, 10 էսիսթ):
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ իր դաշտին վրայ 129-118 արդիւնքով պարտուեցաւ Ինտիանա Փէյսըրզէն, հակառակ Տ՛անճելօ Ռասըլի կողմէ նշանակուած 37 կէտին:
Ցարդ լաւագոյն խումբը հանդիսացող Միլուոքի Պաքս արձանագրեց իր 40-րդ յաղթանակը` 116-103 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Շարլոթ Հոռնեթցին:
Իր կարգին, յաղթանակ արձանագրեց Հիուսթըն Ռոքեթց, որ 131-124 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Մինեսոթա Վուլվզի դաշտէն: Ռասըլ Ուեսթպրուք (Ռոքեթց) նշանակեց 45 կէտ:
Իր կարգին, 45 կէտ նշանակեց նաեւ Քիրի Ըրվինկ, երբ անոր կազմը` Պրուքլին Նեթց, երկարաձգումէն ետք 121-111 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Տիթրոյիթ Փիսթընզի դաշտին վրայ: